5.12.10

Յովհաննէս թումանեան



Յովհաննէս Թումանեան ծնած է 1869-ին Լոռիի Դսեղ գիւղը:
Թումանեանը իր մանկութիւնը կ'անցնէ իր ծննդավայրին մէջ: Իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Ստեփանաւանի դպրոցը: 1883-ին Թումանեանը արդէն Թիֆլիս կը գտնուէր Ներսէսեան դպրոցը: Պատանի Թումանեանը հակառակ իր կրթութիւն ստանալու մեծ փափաքին, կը լքէ դպրոցը որովհետեւ իր քահանայ հայրը չէր կրնար իր որդիին ապրուստը հոգալ: Սակայն մեր մեծ բանաստեղծը ինքնազարգացմամբ կը տիրանայ կրթութեան բարձր մակարդակի մը: 1888ին Թումանեանը արդէն ամուսնացած էր: Յետագային ան կ'ունենայ տասը զաւակ:
20-րդ դարու սկիզբէն ի վեր Թումանեանը կը դառնայ հայ գեղարուեստական կեանքի կեդրոնական եւ կեդրոնաձիգ դէմքը: Անոր տան մէջ կը հիմնուի «Վերնատուն» գրական նշանաւոր խմբաւորումը: Հոն է, որ կը հանդիպին հայ գեղարուեստական մշակոյթի շատ մը յայտնի անուններ: Մինչեւ 1903 արուեստի մարդ էր՝ իր կոչումին ու տաղանդին հաւատարիմ, անկէ ետք ան կը դառնայ հասարակական գործիչ՝ հաւատարիմ իր բնաւորութեան ու մղումներուն: 1903-էն սկսեալ կը գոցուին հայկական դպրոցները, կը գրաւուին եկեղեցական կալուածներ, դարձեալ հալածանքներ ու բռնութիւններ: Թումանեանը իր վրայ կ'առնէ իրար դէմ ելած ժողովուրդներու հաշտեցնելու դերը, շրջելով գաւառները: Այս տարիներուն ան գրեթէ ոչինչ կ'արտադրէ այլ իր գործունէութեամբ կը դառնայ անձնուէր քաղաքացի:
1908-ի վերջերը ան կը գտնուի Մետեխի բանտը հակացարական գործունէութեան մեղադրանքով: Բանտին մէջ ան կը գրէ «Մի կաթիլ մեղրը», «Քաջ Նազարը»: 1912-ի սկիզբը երկար դատավարութենէ ետք ան անպարտ կ'արձակուի:
1921-ի վերջերը Թումանեանը Պոլիս կը մեկնի եւ վերադարձին անբուժելի հիւանդութեամբ մը կը մահանայ 1923-ի Մարտին: