7.10.09

«Ա.Բ.Գ.ի Դասը» նիւթին աշխատութեան հարցումները

1. Եղիշէ Արք. Դուրեան այս բանաստեղծութիւնով ինչպիսի՞ զգացումներ կու տայ մեզի:
2. Կը յիշէ՞ք ձեր առաջին Ա.Բ.Գ.ի դասը: Եթէ մոռցած էք կը զգաք թէ պակաս մըն է այդ:
3. Ե. Արք. Դուրեանի այս մտերմիկ խոստացումը դուք ինչպէ՞ս գտաք:
4. Դուրեան ի՞նչ պատճառաւ է որ յիշեց իր առաջին Ա.Բ.Գ.ի դասը:
5. Դուրեան ինչե՞ր կը զգայ հայ տառերուն հանդէպ:
6. Խորհելով գեղապաշտ շրջանի յատկութիւնները ըսէ՛ք այս բանաստեղծութեան գրական լեզուին մասին ձեր գաղափարները:
7. Բաղդատեցէ՛ք այս գրութիւնը ռոմանթիկ կամ իրապաշտ շրջանի օրինակներուն հետ:

Աշխատութիւն Զաթօնքի Շրջանի Վերաբերեալ

1. Ի՞նչ ըսել է Զարթօնք բառիմաստով:
2. Ե՞րբ է Զարթօնքը:
3. Ինչպէ՞ս սկսաւ Զարթօնքի գաղափարը եւ ո՞ւր սկսաւ:
4. Զարթօնքը ի՞նչ բաներու տեսակէտէ վերածնունդ մը եղաւ:
5. Զարթօնքի կարեւոր դէմքերը ովքե՞ր էին:
6. Ի՞նչ է Ազգային Սահմանադրութիւն: Ե՞րբ գրուած է: Որո՞ւ կողմէ:
7. Ինչպիսի՞ իրաւունքներ ստանալու համար գրուած է Ազգային Սահմանադրութիւնը:
8. Ինչպէ՞ս էր Զարթօնքէ առաջուան գրական լեզուն:
9. Ովքե՞ր են Զարթօնքի կարեւոր դէմքերը:

Զարթօնքի Շրջանին ...


ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ...
19րդ դարը մեծ փոփոխութիւններ բերաւ Օսմանեան կայսրութեան համար, որովհետեւ Ռուսիա սկսաւ յառաջանալ դէպի Սեւ Ծով: Ասիկա սպառնալիք մըն էր եւ վարիչները ստիպուեցան բարեկարգութիւններ մտցնել Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Կը պահանջուէր օրէնքին առջեւ քրիստոնեաներուն կեանքը ապահովել:
Այս շրջանին Եւրոպայի հետ յարաբերութիւնները դիւրացած էին շնորհիւ շոգենաւերու կանոնաւոր երթեւեկին: Հայ ժողովուրդին վիճակը մեծ քաղաքներուն մէջ առեւտրականութիւնով բարելաւուեցաւ: Այս շրջանին ծնողները սկսած էին օրէ օր աւելի մօտէն հետաքրքրուիլ իրենց դպրոցներով եւ եկեղեցիներով: ամիրաներու եւ աղայական դասակարգերու դէմ սկսաւ պայքար մը: Այս պայքարներուն հետեւանքով 1860ին գրուեցաւ Ազգային Սահմանադրութիւնը: Այս վարչական եւ դպրոցական շարժումին միջոցաւ սկսաւ նաեւ լրագրողական շարժումը: Հրատարակուեցան շատ մը թերթեր, ամսաթերթեր եւ շաբաթաթերթեր:
Այս շրջանի կարեւոր ազդակներէն մէկն էր Մխիթարեանները: Մխիթարեան հայրեր Վենետիկէն Պոլիս գալով հիմնեցին դպրոցներ, եղան ուսուցիչներ, հրատարակեցին շատ մը գիրքեր, թերթեր: Մինչեւ մեր ազգային սահմանադրութեան հռչակումը Մխիթարեանները 100 տարիէ ի վեր արդէն գրական վաստակ ունէին:

4.10.09


ՀԱՅԿ ԵՒ ԲԵԼ
Հայկ վայելուչ հսկայ մըն էր: Ունէր գանգուր մազեր, վառվռուն աչքեր, հաստ բազուկներ, ձեռքն ալ աղեղ մը: Անօրինակ հպարտութեան տէր եւ ազատասէր դիւցազուն մըն էր:
Բաբելոնի մէջ կ'ապրէր Բել անունով բռնակալ մը: Ան օր ըստ օրէ կը գրաւէր ուրիշ ազգերու հողեր ու կ'ընդլայնէր իր սահմանները: Սակայն Հայկ երբեք չէր համոզուեր Բելին ու չէր արօներ անոր: Հայկ հաւաքեց զաւակներն ու գերդաստանը ու գնաց լերան մը ստորոտը գտնուող դաշտ մը: Հոն ապրողներուն կ'ըսուի Հարք:
Հայկ կ'ապրէր խաղաղ կեանք մը եւ ուրիշին ունեցածին աչք չէր դներ: Անոր համար միայն կարեւոր էր իր քով ապրողներուն բարօրութիւնն ու խաղաղութիւնն: Արդէն այս առթիւ ալ մարդիկ կու գային, շնորհակալութիւն ու իրենց երախտիքը կը յայտնէին Հայկին: Սակայն Բել հանգիստ ձգելու նպատակ չուներ: Ան գիշեր ցերեկ կը խորհէր թէ արդեօք ինչպէ՞ս Հայկը ծունկի պիտի բերէր իր առջեւ եւ իր բռնակալութեան տակ պիտի առնէր: Ի վերջոյ Բել կը ղրկէ իր պատգամաւորները Հայկի մօտ եւ կ'ըսէ. «դուն ամէն բանի կը դիմանաս հոս միասին ընտանիքով, բայց այլեւս ինծի հնազանդէ՛ եւ եկո՛ւր միասին խաղաղ ապրինք»: Իսկ Հայկ կը պատասխանէ անոնց թէ պիտի մերժէ իրեն ու պիտի չհնազանդի:
Բել ասոր վրայ շատ կը զայրանայ կը հաւաքէ զինուորներն ու կը յարձակի նախ Հայկին ազգականներուն վրայ, որոնք կ'ապրին Արարատի շուրջ: Անոնք ալ վախնալով կը փախին, կու գան Հայկին քով: Բել աւելի կը զայրանայ: Այս անգամ կը յարձակի Հայկի վրայ: Նպատակն է կամ հպատակին տակ առնել Հայկը եւ կամ թէ մեռցնել, ոջնջացնել անոր այս ըմբոստացումը:
Հայկը իր քով առած էր իր երկու եղբայրները եւ անոնց քովն ալ զաւակները: Նպատակ չուներ հնազանդելու երբեք: Իսկ Բել չէր սպասեր որ այսքան լուրջ ձեւով դէմ դնէին Հայկ եւ շուրջինները: Սոսկալի կռիւ մը կ'ըլլայ երկուքին միջեւ: Հայկ բոլոր ուժով կը յարձակի Բելի վրայ, կը նետուի առջեւ իր աղեղով: Բել կը շուարի նախ յետոյ կը սկսի կռուելու: Հայկ կը լարէ աղեղը, կը նետէ նետը: Նետը օդին մէջէն դրելով կ'երթայ կը մխրճուի Բելին կուրծքին, պատրելով լանջապանակը: Բելի զինուորները կը շուարին ընելիքը: Կը վախնան տեսնելով Հայկին քաջութիւնը:
Հայկ այս կռիւի դաշտը կ'ուզէ լաւ վայրի մը վերածել, շէնցնել: Անունը կը դնէ Հայք եւ այդ գաւառն ալ կը կոչուի Հայոց Ձոր: Այդ օրուընէ ի վեր մեր հայոց աշխարհը կ'անուանուի Հայկի անունով՝ Հայկաստան այսինքն Հայաստան:


Բառեր
1. վառվռուն – կրակոտ, աշխուժ, փայլուն
2. դիւցազն – աստուածներէ սերած կամ ծնած, կիսաստուած
3. բռնակալ – բռնաւոր, այն որ կ'ուզէ իր կամքը ուրիշներուն պարտադրել
4. ընդլայնել – ընդարձակել, լայնցնել
5. գերդաստան – միեւնոյն ծագումը ունեցող ընտանիք
6. երախտիք – բարիք, բարերարութիւն
7. պատգամաւոր – ներկայացուցիչ
8. հնազանդիլ – խօսք մտիկ ընել
9. զայրանալ – սաստիկ բարկանալ
10. ըմբոստացում – դէմ գալ
11. լանջապանակ – կուրծքը պահպանելու զրահ