22.11.09

«ՄԵՐ ՊՈՍՖՈՐԸ» ՀԱՏՈՐԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ
1. Եղիա Տէմիրճիպաշեան ինչո՞ւ կը կրկնէ «հոն սիրելիս հոն կ'ուզեմ որ տանին զիս» խօսքերը:
2. Ռոմանթիկ գրականութեան տեսակէտէ «Մեր Պոսֆորը» հատորը վերլուծեցէ՛ք:
3. Եղիա Տէմիրճիպաշեանի լեզուն ինչպէ՞ս է այս հատորին մէջ:
4. Ե. Տէմիրճիպաշեանի հոգեկան վատառողջ վիճակը կրնա՞նք հասկնալ այս հատորէն:
5. Ե. Տէմիրճիպաշեանի Պոսֆորի նկարագրութիւնը ինչպէ՞ս գտաք:
6. Տէմիրճիպաշեան Պոսֆորի նկարագրութեան ընթացքին ինչպիսի՞ նմանութիւններ կը գործածէ:
7. Կապոյտ գոյնը իրեն համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի եւ Վոսփորին կապոյտը ինչերո՞վ կը բաղդատէ:

ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆԻ ԳՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ

Եղիա Տէմիրճիպաշեան իր կենդանութեան առանձին հատորով որեւէ գիրք չէ հրատարակած: Անոր բոլոր յօդուածներն ու բանաստեղծութիւնները ցրուած կը մնային թերթերու մէջ: 1955ին Փարիզի մէջ Եղիայի գրածները հաւաքուեցաւ ու հրատարակուեցաւ հատորով մը:
Ան կազմած է Ֆրանսերէնէ – Հայերէն բառարան մը (1896):
Գործածած է բազմաթիւ ծածկանուններ:
Ան տարօրինակ, բացառիկ դէմք մըն է մեր գրականութեան մէջ: Հիւադագին զգացումներու, ցնցուած հոգիի մը տէր Եղիա կը ցոլացնէ իր գրութիւններուն ալ այս հոգեկան վիճակը: Գրած է բանաստեղծութիւն, պատմուածք, օրագրութիւն, քննադատութիւններ: Բանաստեղծութիւններուն թեման կը կազմէ սէրը, մահն ու ցաւը:
Քննադատական էջերուն մէջ ալ ան չէ եղած կայուն, շարունակ միտք կը փոխէ:

ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆԻ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ
1851-1908

Ծնած է 1851ին Պոլիս: Նախակրթութիւնը կը ստանայ Ներսէսեան եւ Նուպար Ծահնազարեան վարժարաններուն մէջ: Դասընկերը կ'ըլլայ Մինաս Չերազ եւ ուսուցիչը կ'ըլլայ Թովմաս Թէրզեան: Մանկութենէն սկսեալ առանձնութիւնը սիրող եղած է եւ շարունակ զբաղած է ընթերցանութեամբ: Աստուածաշունչը իր ամենէն շատ սիրած գիրքը եղած է: Ունեցաղ է յօռետես մտածումներ եւ մելամաղձոտ կեանքի նայուծք մը: Օր ըստ օրէ կը դառնայ աւելի յուսահատ: Կը կատարէ անձնասպանութեան փորձեր: Ընտանիքը կ'որոշէ զինք օդափոխութեան համար ղրկել Ֆրանսա 1874ին: Անոնք կ'ուզեն որ Եղիա հոն զբաղի առեւտրական գործերով, սակայն զայն հակառակ ասոր աւելի կը նուիրուի ընթերցանութեան: Չի կրնար աւելի շատ կենալ հոն ու 2 տարի վերջ կը դառնայ Պոլիս: Դասընկերը Մինաս Չերազ կ'առաջարկէ Եղիային որ աշխարհաբարը պարզացնելու համար աշխատիլ: Սակայն այս կարելի չէր, որովհետեւ Չերազի նայուածքը շինծու էր: Ան կը շարունակէ գրաբարով գրել ու կ'ըսէ. «Գրաբարը կը պաշտէի իսկ աշխարհաբարը կը պաշտպանէի »:
Սկսաւ «Մասիս»ին մէջ գրել, եղաւ գրական հրապարակին հեղինակաւոր քննադատը:
Եղիա հիւանդ էր: Թոքախտի բռնուած էր: Ասով հանդերձ դասախօս էր, դպրոցի տնօրէն, գրագէտ: 1884ին կը խմբագրէ «Երկրագունդ» ամսագիրը, որուն կ'աշխատակցին Գրիգոր Զօհրապ, Պէրպէրեան եւ ուրիշներ: 1889էն սկսեալ առողջական վիճակը մտահոգիչ կը դառնայ: Կ'ունենայ հոգեկան ցնցումներ: Կ'ուզէ անէանալ, մեռնիլ ու ազատիլ այս աշխարհի տարապանքներէն:
1890ին կը կորսնցնէ մայրը, արդէն կորսնցուցած է փոքր եղբայրը: Առանձին կը մնայ: 1893ին Մոտա Պուռնիէն Վոսփոր նետուելու փորձ մը կատարած է: Անձնասպանութեան երկրորդ փորձն էր ասիկա:
1895ին ձիւնոտ գիշեր մը, երբ Բերայի (Պէյօղլու) մէջ կը շրջի ամբողջ օր տուն փնտրելու համար, կը ծանօթանայ հունգարուհի կնոջ մը հետ՝ Տիկին Էլէն Նիսըն, ներս կ'առնէ զինք, սենեակ մը կու տայ եւ յետագային կը դառնայ անոր պահապան հրեշտակը: Կը խնամէ անոր: 2 տարի կը կենայ Տիկին Նիսընի քով, կը ձգէ զայն ու կ'երթայ Եւրոպա, կը շրջի բայց չի կրնար դիմանալ: Արդէն «Մեր Պոսֆորը» յօդուածին մէջ ալ կ'ըսէ. «Հոն սիրելիս, հոն կ'ուզեմ որ տանին զիս»: Կը վերադառնայ ետ, Տիկին Նիսընի քով:
Հոգեկան անհաւասարակշրութիւնը բաւական մը կը կորսնցէ: Այս ընթացքին դարմանում ալ կը տեսնէ: Տիկին Նիսըն կը խնամէ իրեն: 1908 Յուլիս 19ին Տիկին Նիսընի բացակայութենէն օգտուելով այդ հոգեկան վիճակով զինք կը կախէ տան ձեղունէն:
Այս հունգարացի բարի կինը գրագէտին մահէն յետոյ ալ գեղեցիկ դամբարան մը շինել տուած է Շիշլիի գերեզմանատան մէջ:

17.11.09

ՄԻՍԱՔ (ՄԵԾԱՏՈՒՐԵԱՆ) ՄԵԾԱՐԵՆՑ



ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ
1886-1908


Հայ բանաստեղծութեան մեծատաղանդ դէմքերէն մէկն է: Ծնած է Ակնի Բինկեան գիւղը: Տասը տարեկանին անցած է Սեբաստիա, ապա Մարզուան, ուր ուսանած է «Անատոլիա» գոլէճը: Հոն ծանօթացած է անգլիական գրականութեան եւ տիրապետած է անգլիերէն լեզուի: Յետոյ եկած է Պոլիս եւ եղած է Հրանդ Ասատուրի աշակերտը: Նարեկացի կարդալու համար կարճ ժամանակի մէջ սորված է գրաբար: 1902ի շուրջ սկսած է թոքախտը եւ երիտասարդ հասակին միշտ կեանքի կարօտովը այրելով կը մահանայ:
Բանաստեղծը շատ կանուխ կը սկսի գրել: Գլուխ գործոցը կ'ըլլայ «Ծիածան» եեւ «Նոր Տաղեր» հատորները:
Մեծարնց նուրբ երանգներու եւ խորունկ զգացումներու բանաստեղծն է: Բնութեան երեւոյթները կարծես իր տողերուն մէջ կը կենդանանան, ոգի կ'առնեն: Սքանչելի ձեւով կը բացատրէ մարդկային հոգեվիճակը:

11.11.09

ՍՐԲՈՒՀԻ (ՎԱՀԱՆԵԱՆ) ՏԻՒՍԱԲ

ՍՐԲՈՒՀԻ (ՎԱՀԱՆԵԱՆ) ՏԻՒՍԱԲ
1840-1901

Ծնած է Պոլիս: Հայ կաթողիկէ ընտանիքի զաւակ է: Վերածնունդի խանդավառ մթնոլորտէն ազդուելով կը սկսի Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանէ անձնական դասեր առնելու: Աշակերտուհիին եւ ուսուցչին միջեւ հոգեկան ջերմ կապեր կը ստեղծուին: Պէշիկթաշլեան կը սիրահարուի աշակերտուհիին, մինչեւ իսկ կը տեսնենք բանաստեղծութիւններուն մէջ այտ մասին: Սակայն Մ. Պէշիկթաշլեան կը խորհի թէ Սրբուհին իր կինը չի կրնար ըլլալ: Երբ Մկրտիչ Պէշիկթալեանի առողջութիւնը կը խնգարուի, անկողին կ'իյնայ Սրբուհի ամէն օր կ'երթար իր նախկին ուսուցչին տունը, կը նստէր անոր քով, որպէսզի դեղերը ժամանակին տայ, ընթերցումներ ընէ ու խօսակցութեամբը զբաղեցնէ զայն: Պէշիկթաշլեանի մահէն յետոյ Սրբուհի կ'ամուսնանայ Ֆրանսացի երաժիշտի մը հետ: Ամուսինը ազատամիտ մէկն էր եւ կը քաջալերէր զինք որ գրէ:
Երկու զաւակ կ'ունենայ Սրբուհի մէկ աղջիկ՝ Տորին, իսկ միւսը մանչ Էտկար: Տորինին զինք կը դառնայ վարժուհին, որ օտար ազդեցութեան տակ չմնայ: Սակայն Տորին կը մեռնի 18 տարեկանին թոքախտէ: Սրբուհի շատ կը ցնցուի: Չի կրնար դիմանալ ու կը մահանայ 1901ին:
Ունի երեք վէպեր՝ «ՄԱՅՏԱ», «ՍԻՐԱՆՈՒՇ» եւ «ԱՐԱՔՍԻԱ ԿԱՄ ՎԱՐԺՈՒՀԻՆ»: Լեզուն գրաբար տարրեր կը պարունակէ սակայն մաքուր աշխարհաբար է: Ոճն ալ սահուն եւ ինքնաբուխ է:
Սրբուհի Տիւսաբ մեր առաջին գրագիտուհին է, որ հայ կնոջ ըկերային եւ իրաւական կացութեան համար պայքարած է:
Սիւսաբիի նպատակը եղաւ մեր մէջ մտցնել իրաւունքի եւ հաւասարութեան գաղափարները: Հետեւեալներն են՝
1. Ինչպէս այրերը, նոյնպէս կիները աշխատանքի ազատութիւն պէտք է ունենան:
2. Կիները ազատ պէտք է ըլլան իրենց կամքով ամուսին ընտրելու:
3. Կիները պէտք է այր մարդոց հաւասար կրթութիւն ստանան:
4. Դրամօժիտի (պաշլըք բարասը) արգելք պէտք է ըլլալ:
5. Հայ կինը մեծ դեր ունի ազգային կեանքի մէջ:
6. Պէտք է պահպանել ազգային բարքերը:

1.11.09

10րդ դասարաններու լեզուի դասի աշխատութիւն

ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ա. Հետեւեալ գոյականները վերածեցէ՛ք փակագծեալ հոլովներու.
ա) մուճակ (բացառական, եզակի)
բ) գրչատուփ (սեռ. տրկ, յոգ.)
գ) դասատու (ուղղ. հայց, յոգ)
դ) սեղան (սեռ. տրկ, եզ.)
ե) ժապաւէն (գործ, յոգ.)
զ) ձուկ (բաց. եզ.)
է) հայելի (սեռ. տրկ, եզ.)
ը) շերեփ (գործ, եզ.)
թ) վարդ (սեռ. տրկ, յոգ.)
ժ) թիկնաթոռ (ուղղ. հայց, յոգ.)

Բ. Հետեւեալ նախադասութիւններուն պարապութիւններուն մէջ դրէ՛ք փակագծեալ գոյականներուն յարմար հոլովն ու թիւը.
ա) Փոքրիկ տղան կամացուկ մը մօտեցաւ (կատու) .............................ն եւ սկսաւ գլուխը շոյել:
բ) Այս ամառ (նաւակ) .............................. բաւական պտըտեցայ:
գ) Կարօն այս ամառ (Հայաստան) ..................................... եկաւ:
դ) (Մասիս) ............................. (սենեակ) .................................... միշտ տարտղնուած է:
ե) (Ինքնաշարժ) անիւը պայթեցաւ եւ ես առաւօտուն կէս ժամ ուշացայ:
զ) (պնակ) ............................. մէջի պատարդ կե՛ր:
է) Ծովը շատ հանդարտ էր, (նաւաստիներ) .................................. երեսը կը խնդար:
ը) Ճերմակ (շոգենաւ) .............................. ծխնելոյզը կը նմանէր հսկայ ծովաթռչունի մը:
թ) Նորէ՞ն (հեռատեսիլ) .................................. կ'անցընես ժամանակդ:
ժ) (Գրասենեակ) .................................. դուռը բացուեցաւ թխագոյն (երես) երիտասարդ մը ելաւ դուրս:

Գ. Լեցուցէ՛ք պարապութիւնները փակագծեալ գոյականներուն յարմար հոլովներով:
Մանիշակ իր ........................... (մայր) բարձր կրունկ կօշիկները հագուած .....................(տուն) մէջ կը պտըտէր: Այդ միջոցին ........................... (մայր) խոհանոցն էր, սպաղած էր կերակուր պատրաստելու ............................ (գործ): ............................. (խոհանոց) լսեց ատնաձայները եւ ձայնեց:
- Մանիշակ, քու ոտնաձայնդ է այդ:
- Ո՛չ ըսաւ Մանիշակ ......................... (վախ):
- Ի՞նչ հագած ես:
- Մուճակ:
- Բայց մուճակը այդպէս ձայն չի հաներ:
Այդ պահուն ........................... (հայր) ալ եկաւ: Մանիշակ ամօթով բախաւ սենեակ
եւ .............................. (մայր) կօշիկները հանեց եւ տեղը դրաւ ու ........................... (հայր) քով վազեց, համբուրեց:
- Բարի եկար ............................. (հայր) ըսաւ:
............................. (հայր) տեսած էր, բայց չտեսնել ձեւացուց ու գրկեց Մանիշակը ու միասին խոհանոց մտան:
- Ճաշի հոտը ................................ (հայր) ու .............................(աղջիկ) ախորժակը
գրգրեց:
- Մայրիկ, ըսաւ Մանիշակ շատ անօթեցայ շուտ մը սեղան նստինք: ....................... (հայր) ալ ժպտադէմ գլուխ շարժեց ու սեղան նստան:

Դ. Ամբողջացուցէ՛ք հետեւեալ պարապութիւնները բային ճիշդ խոնարհուած ձեւը գործածելով.
• Մարդիկ ............................. (ուզել) տեսնել իրենց հանդէպ յարգանք եւ սէր:
• Նախնական մարդիկ, երբ դեռ գիր չունէին, .............................. (գործածել) սեպագիրը:
• Յանկարծ դասարանին դուռը ............................ (բացուիլ) ու տնօրէնը ներս ..........................(մտնել):
• Երէկ գիշեր այս գիրը ............................. (գրել), բայց հիւրեր եկան:

Ե. Հետեւեալ բայերը գործածեցէ՛ք ճիշդ ձեւով.
Հեռանալ մնալ պատրաստել գալ
Տեսնել աթննալ անցընել խզուիլ
Լուացուիլ երթալ եմ

1. Ամէն առաւօտ շատ կանուխ ..................... եւ նախաճաշը .............................:
2. Վաղը մօրաքրոջս զաւակներուն հետ պտոյտի ..........................:
3. Անցեալ ամառը մեր բարեկամներուն տունը ..........................., որովհետեւ հոն շատ զով ........................:
4. Մեղք որ ուացար եւ ընկերուհիս ............................. (ժխտ.):
5. Երբ այս արագ քալելու վարժութիւնէդ ........................... քեզի հետ ես ալ մինչեւ տուն ....................:
6. Երէկ գիշեր երբ ..........................յանկարծ ջուրի հոսանքը ....................... եւ ես օճառներով լոգարանը ..............................:

ԻՄ ԿԵԱՆՔԸ

«ԻՄ ԿԵԱՆՔԸ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆ
Հարցումներ
1. Թովմաս Թէրզեան այս բանաստեղծութեան մէջ ինչպիսի՞ զգացումեր կ'արտայայտէ:
2. «Իմ Կենաքը» բանաստեղծութեան լեզուն ինչպէ՞ս է:
3. Բանաստեղծութեան մէջ տրուած գաղափարները ընդհանո՞ւր են թէ ոչ անձնական:
4. Թովմաս Թէրզեանի երազը ի՞նչ է:
5. Բանաստեղծը ո՞ւր ըլլալ կ'ուզէ, ե՞րբ, ինչո՞ւ:
6. Թ. Թէրզեան մարդոց ի՞նչ պատգամներ կու տայ այս բանաստեղծութիւնով:
7. Թէրզեանի ապրումները, կեանքի դրուագները կը պատկերացնե՞ն այս տողերը:

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան եւ «Եղբայր ենք մենք»

ՄԿՐՏԻՉ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
1828-1868

Զարթօնքի կարեւոր դէմքերէն մէկն է: Ծնած է Պոլիս: Հայ - կաթողիկէ ընտանիքի մը զաւակն է եւ շատ փոքր տարիքին կորսնցուցած է ծնողքը: Նախնական ուսումը Մխիթարեան Վարժարանի մէջ ստանալէ յետոյ կը մեկնի Իտալիա, Վենետիկ: Յետոյ կը վերադառնայ Պոլիս կ'ըլլայ ուսուցիչ: Նոյն ժամանակ ալ կու տայ մասնաւոր դասեր օտարախօս ընտանիքնրու զաւակներուն: Կ'ըլլայ Սրբուհի (Վահանեան) Տիւսաբի ալ ուսուցիչը: Տիւսաբ շնորհիւ Պէշիկթաշլեանի կը սորվի լաւ հայերէն մը: Մինչեւ իսկ կը դառնայ գրագիտուհի մը: Պէշիկթաշլեանի հիւանդութեան ընթացքին ալ Տիւսաբ միշտ քովը եղած է անոր: Ջանացած է եղբայրութիւն եւ միասնականութիւն հաստատել իր բանաստեղծութիւններով: Գրած է աշխարհաբար լեզուով թատերգութիւններ:
Բանաստեղծութիւններուն թէման է միաբանութիւն, հայրենասիրութիւն եւ օտարասիրութեան քննադատութիւն: Սիրով մօտեցած է հայ բանաստեղծութեան, մարդոց: Հանդարտ եւ մարդասէր բնաւորութիւնը միշտ կը տեսնենք իր բանաստեղծութիւններուն մէջ: Միայն ազգային ու մարդկային սէրը չէ նկարագրած այլ նկարագրած է բնութեան հանդէպ ունեցած սէրն ալ:

ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆ «ԵՂԲԱՅՐ ԵՆՔ ՄԵՆՔ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ
Հարցումներ
1. Այս բանաստեղծութեան մէջ արտայայտուած գաղափարները անձնակա՞ն թէ ոչ ընդհանուր իմաստ կը կրեն:
2. Բանաստեղծը ի՞նչ ձեւով յաջողած է նիւթը խրատական մը ըլլալէ փրկել:
3. Ինչպիսի՞ բարիքներ կը սպասէ բանաստեղծը ազգային համերաշխութենէն:
4. Ինչո՞ւ համար կրկնուած է տուներուն վերջին տողերը:
5. Բանաստեղծը ի՞նչ բացատրել կ'ուզէ «որ մրրկաւ էինք զատուած, բախտին ամէն ոխ չարանենգ» տողերով: