29.9.09

Եղիշէ Արք. Դուրեան

Եղիշէ Արք. Դուրեան
(1860-1930)
Բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի եղբայրն է: Եկեղեցական, բանասէր եւ բանաստեղծ մըն է: Բանասիրական (բանասիրութիւն=ֆիլօլօժի) աշխատութիւնները հրատարակուած են զանազան թերթերու մէջ: Բանաստեղծութիւններէն մանաւանդ 1900էն յետոյ գրուածները ինքնատիպ են եւ արեմտահայ գրականութեան մէջ կարեւոր տեղ ունին: Այս բանաստեղծութիւնները ներշնչուած են աստուածաշունչէն եւ աւետարանէն: Խորհրդապաշտ բանաստղծութիւններըխոր զգայնութիւն եւ ձեւի գեղեցկութիւն ունին: Բանաստեղծութիւնները ամփոփած է «Հովուական Սրինգ» հատորին մէջ: Գրաբար եւ աշխարհաբար, թարգմանած եւ ինքնագիր բանաստեղծութիւնները հրատարակուած են «Սրբազան Քնար» հատորին մէջ:

28.9.09

Գեղապաշտ Գրականութւին

ԳԵՂԱՊԱՇՏ ՇՐՋԱՆ
1900-1922ի սերունդը կը կոչենք արուեստագէտ սերունդ, որովհետեւ հոս գրողներուն բոլորն ալ կը բերեն քիչ թէ շատ գոյն մը, երաժշտականութիւն, նաեւ լեզուի ու արտայայտութեան ձեւի չաբազանց խնամք:
Զարթոնքի սերունդով է որ մեր լեզուն կանոնաւորուեցաւ, իրապաշտը կատարելագործեց, բայց արուեստագէտ սերունդն ալ մեզի տուաւ գեղեցիկ, գունագեղ լեզուն:
Այս շրջանին արեւմտահայ գրականութիւնը կը մշակուի Իսթանպուլ եւ Եւրոպայի մէջ: Զուգահեռ կը քալէ գաւառի գրականութեան:
Շրջանի օրաթերթերն են՝ Բիւզանդիոն, Մանզումէի Էֆքար, Արեւելք եւ Ազատամարտ:
Արեւելեան Մամուլը, որ տեւեց մինչեւ 1908, կեդրոնավայր մըն էր արեւմտահայ գրականութեան կարելի ուժերուն Թուրքիոյ մէջ: Մասիս, Անահիտ եւ Ոստան պարբերաթերթերուն մէջ ալ լաւ գրողներ կը տեսնենք:
Ինչպէս որ պատմական-բանասիրական գրականութեան աշխատանքը Մխիթարեան վանքերու մէջ ծնաւ, այս շրջանին ալ կը տեսնենք Արմաշու Դպրեվանքը: Արմաշու Դպրեվանքը 19րդ դարուն եկեղեցական, կրթական եւ գրական մարզին մէջ կարեւոր դեր կը կատարէ իր արժէքաւոր գործիչներով: Մասնաւորաբար Մաղաքիա Արք. Օրմանեան եւ Եղիշէ Արք. Դուրեան:
Այս շրջանին բանաստեղծութիւնը կատարեալ ձեւով կ'իրագործուի: Վարուժան, Մեծարենց, Սիամանթօ կարեւոր դէմքերն էին այս շրջանին:
«Ամիրային Աղջիկը» վէպը, որ գրուած էր Երուխանի կողմէ, արեւմտահայ գրականութեան գերագոյն յաջողած վէպը եղաւ: Այս շրջանին կը զարգանայ վիպագրութիւնը:
Լ. Սեղբոսեան եւ Թլկատինցին կը ջանան թատերական սեռը ապրեցնել, բայց այս սեռը կը մնայ ամենէն տկար ճիւղը արեւմտահայ գրականութեան:
Քրոնիկը կը կորսնցնէ իր կենդանութիւնը ու տեղը կը ձգէ խմբագրականի:
Գեղապաշտներու այս սերունդը ունի կատարեալ ըմբռնում: Մեր գրողներէն ոմանք ալ այդ ըմբռնումը կ'իրագործեն Եւրոպական բարձրութեամբ:
1900-1922ի գեղապաշտ շարժումին արդիւնքը պատուաբեր կ'ըլլայ:
Գեղապաշտ սերունդէն են՝
Սուրէն Պարթեւեան
Վահան Թէքէեան
Տիրան Չրաքեան
Զապէլ Եսայան
Արտաշէս Յարութիւնեան
Ռուբէն Զարդարեան
Յովհաննէս Յարութիւնեան
Լեւոն Սեղբոսեան
Դանիէլ Վարուժան
Միսաք Մեծարենց
Ատոմ Եարճանեան
Գրիգոր Զօհրապ
Արշակ Չօպանեան

ժամացոյց

27.9.09


ՏԱԼԻ
ԹԷ՛ ԽԵՆԴ ԵՒ ԹԷ՛ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾ
Սպանացի գերիրապաշտ նկարիչ Տալի նշանաւոր եղած է իր հետաքրքրական, տարբեր ու գրաւիչ ոճով: Ան կը հետաքրքրուէր բացի նկարչութենէ քանդակագործութեամբ, լուսանկարչութեամբ եւ շարժանկարով:
Տալի ծնած է 11 Մայիս 1904ին: 1914ին մայրը զինք արձանագրել տուած է անձնական նկարչութեան վարժարանի մը: 1919ին Ֆիկուերես Գաւառակի Թատերասրահին մէջ բացած է իր առաջին ցուցահանդէսը: Իր շատ սիրելի մայրը մահացած է Փետրուար 1921ին: Ասիկա իրեն շատ մեծ հարուած մը եղած է:
Իր առաջին արտադրութիւններուն մէջ կը տեսնենք ազդեցութիւնները «քիւպիզմ»ի եւ «տատաիզմ»ի: 1923ին որոշ շրջանի մը համար կը հեռացուի դպրոցէն անկարգութեանը պատճառաւ: Նոյն տարին կը մասնակցի քաղաքական ցոյցերու եւ կը ձերբակալուի: 1925ին դպրոց ետ կը դառնայ եւ Պարսելոնայի մէջ առաջին անձնական ցուցահանդէսը կը բանայ: Տալի 1926ին կ'երթայ Փարիզ եւ հոն կը ծանօթանայ Փապլո Փիքասսոյի հետ: Մարտ 1928ին գրեց գեղարուեստի մեկնաբաններու հետ միասին արդի գեղարուեստն ու «ֆիւթիւրիզմ»ը պաշտպանող «Մանիֆէսթօ»ն:
Կալայով Սկսաւ Նոր Սիրոյ Պատմութիւն Մը
1929ին ընկերոջը հետ պատրաստեցին «Պիր Էնտիւլիւս Քէօբէղի» անուն ֆիլմը: Այս մէկը իրեցն նոր համբաւ մը բերաւ: Նոյն տարին Տալի երկրորդ անգամ ըլլալով Փարիզ մեկնեցաւ եւ շնորհիւ Ժան Միրոյի, ծանօթացաւ գերիրապաշտ հոսանքին առաջնորդները Անտրէ Պրէթոն եւ Փոլ Էլուարտի հետ: Էլուարտի կին երբ ծանօթացան անմիջապէս ուշադրութիւնը գրաւեց:
1931ին Տալի կեանք տուաւ իր գլուխ գործոցին՝ Յիշողութեան Ջանքը (Պէլլէղին Ազմի): Երկրորդ կարեւոր գործն ալ եղաւ«Կակուղ Ժամացոյցներ» կամ «Հալող Ժամացոյցներ» (Եումուշաք Սաաթլեր-Էրիյէն Սաաթլեր): Այս գործը կրնանք սեպել դէմ դնել անփոփոխ ժամանակի գաղափարին: Ըստ իրեն այս մէկը նկարած է ներշնջուելով տաք Օգոստոսի օր մը արեւուն տակ հալող պանիրէ մը:
1934ին Նիւ Եորքի մէջ պատրաստած ցուցահանդէսով Տալի մեծ արձագանք կը պատճառէ Նիացեալ Նահանգներու սահմաններուն մէջ: Այսպէսով ան կը դառնայ նշանաւոր նկարիչ:
1937ին գրած է սէնարյո մը, իսկ 1938ին Լոնտոնի մէջ ծանօթացած է Ֆրոյտի հետ ու նկարած է զայն քանի մը անգամ: Ինչպէս բոլոր գերիրապաշտերը նոյնպէս ալ Տալի կը հետաքրքրուէր ենդագիտակցութեան արտաքին ցոլացումներով եւ կը հետեւէր Ֆրոյտին այս նիւթի շուրջ գրածներուն:
10 Յունիս 1982ին սիրելի կինը, ներշնչման հրեշտակը, Կալա կը մահանայ: Այս դէպքը մեծ հարուած մըն է Տալիին համար: Անմիջապէս կը հաստատուի կնոջ մահուան ու թաղման վայրը՝ Փուպոլ Բերդը: 1983ին հոն վերջին նկարը կ'արտադրէ «Ճնճղուկին Պոչը» (Սէրչէնին Քույրուղու): Տալի, 23 Յունուար 1989ին սրտի անբաւարարութեան հետեւանքով մահացաւ եւ Ֆիկուերեսի թանգարանին մարանը, զոր իր անունը կը կրէ, թաղուեցաւ: Տալի ունի 1500է աւելի նկար ու արձաններ: Ունի նաեւ թատրոնի սարքաւորումներ, զգեստաւորումներ, գիրքի նկարներ եւլն.: Ան նաեւ աշխատած է Մէնն Ռէյ, Սէսիլ Պիէթոնի նման լուսանկարիչներով:
Այսօր Տալիի գործերուն մեծամասնութիւնը կը գտնուի՝ Ֆիկուերեսի Տալի Թատերասրահ եւ Թանգարանին մէջ: Ֆլորիտայի Սալվատոր Տալի Թանգարանը, Մատրիտի Ռէյնա-Սոֆիա Թանգարանն ու Լոս Անճըլըսի Սալվատոր Տալի Ցուցասրահներն ալ կը պարունակեն մեծ արուեստագէտին հարիւրաւոր գործերը: Տալի 1965ին Նիւ Եորքի Ռայքըրս Այսլընտ Բանտին նուիրած է «Յիսուսի Խաչելութիւն»ը, որ մինչեւ 1981 զարդարած է բանտին ճաշասրահին պատը: Յետոյ առնուած է սրահին պատը, բայց 2003ին գողցուած է:
Տալի միշտ մարդոց հետաքրքրութեան կեդրոնը դարձած է հագուելակերպով, վարուելակերպով եւ խօսքերով:

17.9.09

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

Ժողովուրդն ալ լայն առումով ընտանիք մըն է եւ կը բաղկանայ անդամներէ: Օրինակ՝ վարժապետներ, պաշտօնեաներ, գործակալներ, արհեստաւորներ, կրօնաւորներ...: Ժողովուրդին անդամները, մասնաւոր կերպով ժողովոէրդին միւս բոլոր անդամներուն երջանկութեան, բարոյական զարգացման մտաւորական կրթութեան, կենցաղի (կեանքի) պահպանութեան համար կ'աշխատին: Այս անդամներուն ամենակարեւոր դերը կը կատարեն վարժապետները: Ծնողները եթէ բաւարար չեն դաստիարակելու համար իրենց զաւակը, կը յանձնէին վարժապետներուն:
Կրօնաւորներէն ալ կը պահանջուի վարքի անարատութիւն, հիւրասիրութիւն, մարդասիրութիւն, բարեսիրութիւն, հեզութիւն, արդարութիւն, սրբութիւն...:

ԸՆՏԱՆԻՔ ԵՒ ԴՊՐՈՑ

Ընատնիք մը անդամներէ կը բաղկանայ: Ժողովուրդ մըն ալ անդամներէ կը բաղկանայ:
Ընտանիքի անդամները կազմողներն են՝ հայրը, մայրը եւ զաւակները: Ասոնց իւրաքանչիւրը աւելի կամ պակաս ծառայութիւն եւ պարտաւորութիւն ունին ընտանիքին պահպանութեանը, հանգստութեանը ու բարեկարգութեանը համար:
Հայրը ունի ինքնօրէն բնութենէ շնորհեալ իշխանութիւն իր կնոջը, զաւակներուն եւ միւս անդամներուն վրայ: Եւ կրկին է իր պարտաւորութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը տնտեսական (էքօնօմիկ) եւ բարոյական (ահլաքի):
Մօրմէն կախեալ է դաստիարակութեան հոգն ու պատասխանատուութիւնը քանի որ տղաքը դեռ մանկական թարմ հասակի մէջ են:
Զաւակներու պարտաւորութիւնն է հնազանդութիւն, ընտանեկան կարգ եւ կանոնի պահպանութիւն եւ փոխադարձ սէր եւ կարեկցութիւն ծնողներուն: