27.9.09


ՏԱԼԻ
ԹԷ՛ ԽԵՆԴ ԵՒ ԹԷ՛ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾ
Սպանացի գերիրապաշտ նկարիչ Տալի նշանաւոր եղած է իր հետաքրքրական, տարբեր ու գրաւիչ ոճով: Ան կը հետաքրքրուէր բացի նկարչութենէ քանդակագործութեամբ, լուսանկարչութեամբ եւ շարժանկարով:
Տալի ծնած է 11 Մայիս 1904ին: 1914ին մայրը զինք արձանագրել տուած է անձնական նկարչութեան վարժարանի մը: 1919ին Ֆիկուերես Գաւառակի Թատերասրահին մէջ բացած է իր առաջին ցուցահանդէսը: Իր շատ սիրելի մայրը մահացած է Փետրուար 1921ին: Ասիկա իրեն շատ մեծ հարուած մը եղած է:
Իր առաջին արտադրութիւններուն մէջ կը տեսնենք ազդեցութիւնները «քիւպիզմ»ի եւ «տատաիզմ»ի: 1923ին որոշ շրջանի մը համար կը հեռացուի դպրոցէն անկարգութեանը պատճառաւ: Նոյն տարին կը մասնակցի քաղաքական ցոյցերու եւ կը ձերբակալուի: 1925ին դպրոց ետ կը դառնայ եւ Պարսելոնայի մէջ առաջին անձնական ցուցահանդէսը կը բանայ: Տալի 1926ին կ'երթայ Փարիզ եւ հոն կը ծանօթանայ Փապլո Փիքասսոյի հետ: Մարտ 1928ին գրեց գեղարուեստի մեկնաբաններու հետ միասին արդի գեղարուեստն ու «ֆիւթիւրիզմ»ը պաշտպանող «Մանիֆէսթօ»ն:
Կալայով Սկսաւ Նոր Սիրոյ Պատմութիւն Մը
1929ին ընկերոջը հետ պատրաստեցին «Պիր Էնտիւլիւս Քէօբէղի» անուն ֆիլմը: Այս մէկը իրեցն նոր համբաւ մը բերաւ: Նոյն տարին Տալի երկրորդ անգամ ըլլալով Փարիզ մեկնեցաւ եւ շնորհիւ Ժան Միրոյի, ծանօթացաւ գերիրապաշտ հոսանքին առաջնորդները Անտրէ Պրէթոն եւ Փոլ Էլուարտի հետ: Էլուարտի կին երբ ծանօթացան անմիջապէս ուշադրութիւնը գրաւեց:
1931ին Տալի կեանք տուաւ իր գլուխ գործոցին՝ Յիշողութեան Ջանքը (Պէլլէղին Ազմի): Երկրորդ կարեւոր գործն ալ եղաւ«Կակուղ Ժամացոյցներ» կամ «Հալող Ժամացոյցներ» (Եումուշաք Սաաթլեր-Էրիյէն Սաաթլեր): Այս գործը կրնանք սեպել դէմ դնել անփոփոխ ժամանակի գաղափարին: Ըստ իրեն այս մէկը նկարած է ներշնջուելով տաք Օգոստոսի օր մը արեւուն տակ հալող պանիրէ մը:
1934ին Նիւ Եորքի մէջ պատրաստած ցուցահանդէսով Տալի մեծ արձագանք կը պատճառէ Նիացեալ Նահանգներու սահմաններուն մէջ: Այսպէսով ան կը դառնայ նշանաւոր նկարիչ:
1937ին գրած է սէնարյո մը, իսկ 1938ին Լոնտոնի մէջ ծանօթացած է Ֆրոյտի հետ ու նկարած է զայն քանի մը անգամ: Ինչպէս բոլոր գերիրապաշտերը նոյնպէս ալ Տալի կը հետաքրքրուէր ենդագիտակցութեան արտաքին ցոլացումներով եւ կը հետեւէր Ֆրոյտին այս նիւթի շուրջ գրածներուն:
10 Յունիս 1982ին սիրելի կինը, ներշնչման հրեշտակը, Կալա կը մահանայ: Այս դէպքը մեծ հարուած մըն է Տալիին համար: Անմիջապէս կը հաստատուի կնոջ մահուան ու թաղման վայրը՝ Փուպոլ Բերդը: 1983ին հոն վերջին նկարը կ'արտադրէ «Ճնճղուկին Պոչը» (Սէրչէնին Քույրուղու): Տալի, 23 Յունուար 1989ին սրտի անբաւարարութեան հետեւանքով մահացաւ եւ Ֆիկուերեսի թանգարանին մարանը, զոր իր անունը կը կրէ, թաղուեցաւ: Տալի ունի 1500է աւելի նկար ու արձաններ: Ունի նաեւ թատրոնի սարքաւորումներ, զգեստաւորումներ, գիրքի նկարներ եւլն.: Ան նաեւ աշխատած է Մէնն Ռէյ, Սէսիլ Պիէթոնի նման լուսանկարիչներով:
Այսօր Տալիի գործերուն մեծամասնութիւնը կը գտնուի՝ Ֆիկուերեսի Տալի Թատերասրահ եւ Թանգարանին մէջ: Ֆլորիտայի Սալվատոր Տալի Թանգարանը, Մատրիտի Ռէյնա-Սոֆիա Թանգարանն ու Լոս Անճըլըսի Սալվատոր Տալի Ցուցասրահներն ալ կը պարունակեն մեծ արուեստագէտին հարիւրաւոր գործերը: Տալի 1965ին Նիւ Եորքի Ռայքըրս Այսլընտ Բանտին նուիրած է «Յիսուսի Խաչելութիւն»ը, որ մինչեւ 1981 զարդարած է բանտին ճաշասրահին պատը: Յետոյ առնուած է սրահին պատը, բայց 2003ին գողցուած է:
Տալի միշտ մարդոց հետաքրքրութեան կեդրոնը դարձած է հագուելակերպով, վարուելակերպով եւ խօսքերով:

Hiç yorum yok:

Yorum Gönder