28.9.09

Գեղապաշտ Գրականութւին

ԳԵՂԱՊԱՇՏ ՇՐՋԱՆ
1900-1922ի սերունդը կը կոչենք արուեստագէտ սերունդ, որովհետեւ հոս գրողներուն բոլորն ալ կը բերեն քիչ թէ շատ գոյն մը, երաժշտականութիւն, նաեւ լեզուի ու արտայայտութեան ձեւի չաբազանց խնամք:
Զարթոնքի սերունդով է որ մեր լեզուն կանոնաւորուեցաւ, իրապաշտը կատարելագործեց, բայց արուեստագէտ սերունդն ալ մեզի տուաւ գեղեցիկ, գունագեղ լեզուն:
Այս շրջանին արեւմտահայ գրականութիւնը կը մշակուի Իսթանպուլ եւ Եւրոպայի մէջ: Զուգահեռ կը քալէ գաւառի գրականութեան:
Շրջանի օրաթերթերն են՝ Բիւզանդիոն, Մանզումէի Էֆքար, Արեւելք եւ Ազատամարտ:
Արեւելեան Մամուլը, որ տեւեց մինչեւ 1908, կեդրոնավայր մըն էր արեւմտահայ գրականութեան կարելի ուժերուն Թուրքիոյ մէջ: Մասիս, Անահիտ եւ Ոստան պարբերաթերթերուն մէջ ալ լաւ գրողներ կը տեսնենք:
Ինչպէս որ պատմական-բանասիրական գրականութեան աշխատանքը Մխիթարեան վանքերու մէջ ծնաւ, այս շրջանին ալ կը տեսնենք Արմաշու Դպրեվանքը: Արմաշու Դպրեվանքը 19րդ դարուն եկեղեցական, կրթական եւ գրական մարզին մէջ կարեւոր դեր կը կատարէ իր արժէքաւոր գործիչներով: Մասնաւորաբար Մաղաքիա Արք. Օրմանեան եւ Եղիշէ Արք. Դուրեան:
Այս շրջանին բանաստեղծութիւնը կատարեալ ձեւով կ'իրագործուի: Վարուժան, Մեծարենց, Սիամանթօ կարեւոր դէմքերն էին այս շրջանին:
«Ամիրային Աղջիկը» վէպը, որ գրուած էր Երուխանի կողմէ, արեւմտահայ գրականութեան գերագոյն յաջողած վէպը եղաւ: Այս շրջանին կը զարգանայ վիպագրութիւնը:
Լ. Սեղբոսեան եւ Թլկատինցին կը ջանան թատերական սեռը ապրեցնել, բայց այս սեռը կը մնայ ամենէն տկար ճիւղը արեւմտահայ գրականութեան:
Քրոնիկը կը կորսնցնէ իր կենդանութիւնը ու տեղը կը ձգէ խմբագրականի:
Գեղապաշտներու այս սերունդը ունի կատարեալ ըմբռնում: Մեր գրողներէն ոմանք ալ այդ ըմբռնումը կ'իրագործեն Եւրոպական բարձրութեամբ:
1900-1922ի գեղապաշտ շարժումին արդիւնքը պատուաբեր կ'ըլլայ:
Գեղապաշտ սերունդէն են՝
Սուրէն Պարթեւեան
Վահան Թէքէեան
Տիրան Չրաքեան
Զապէլ Եսայան
Արտաշէս Յարութիւնեան
Ռուբէն Զարդարեան
Յովհաննէս Յարութիւնեան
Լեւոն Սեղբոսեան
Դանիէլ Վարուժան
Միսաք Մեծարենց
Ատոմ Եարճանեան
Գրիգոր Զօհրապ
Արշակ Չօպանեան

Hiç yorum yok:

Yorum Gönder