11.3.12

ՄԱՍՆԱՎՃԱՐ (9ՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ)

ՄԱՍՆԱՎՃԱՐ

Յակոբ անկողինին վրայ երկնցեր, ականջ կու տայ ձայնասփիւռին...: Քոյրը աթոռին վրայ նստած թուղթն ու մատիտը ձեռքը հաշիւով մը կը զբաղի:
Յակոբ- Այսօր ամսուն ութն է չէ՞:
Վեհանոյշ- Այո. (մեքենաբար, առանց գլուխը վերցնելու)
Յակոբ- (Անկողնին վրայ շտկուելով) Այսօր Չորեքշաբթի է չէ՞:
Վեհան- Այո. (նոյն ձեւով)
Յակոբ- Ամսուն տասը Ուրբաթի կը հանդիպի կարծեմ, այնպէս չէ՞:
Վեհան- Այո՛
Յակոբ- (պոռալով) Աաա՜ մարդ Աստուծոյ երկու օր մնաց, 48 ժամ եւ դուն՝ դեռ ամենայն պաղարիւնութեամբ, քու անվերջ հաշիւներուդ մէջ թաղուած «այո» մը բռներ ես կ'երթաս:
Ապերախտութիւն չ'ուզեր, սա ռատիօն 3 ամիս դուն ալ մտիկ ըրիր եւ թէ մեզմէ ալ աւելի, որովհետեւ սենեակդ է արդէն: Գոնէ խօսք մը ըսէ, բան մը ըսէ որ, ելք մը գտնենք: Գլուխ գլխի տանք, ճար մը խորհինք:
Ամսուն տասը՝ ձայնասփիւռին մասավճառին օրն է եւ ձ օր մնաց: 25 ոսկի պէտք է ճարել. Հասկցա՞ր, քսանըհինգ հատ թրքական լիրա:
Վեհան- Քանի անգամ ըսի քեզի որ անգամ մըն ալ սա ռատիոյն խօսքը չընես ինծի: Ես վերջնական պատասխանս տուի քեզի, եթէ կ'ուզես կրկնեմ դարձեալ. Ինձմէ խեր չկայ. Հասկցա՞ր: 34 ոսկի բաց ունիմ արդէն, բուրդի դրամ չմնաց:
(Մայրը ներ կը մտնէ)
Մայրը- Ի՞նչ է աս աղմուկը: Դարձեալ շուն ու կատու ըլլալ սկսաք:
Վեհան- Նորէն ռատիոյին խնդիրն է ինչ պիտի ըլլայ:
(Յակոբին դառնալով)
Վեհան- Ահաւասիկ մօրմէդ չուզե՞ս 25 ոսկին:
Մայրը- Ատ էր պակասը: Ես ուրկէ դրամ ունենամ: Այս ամիս ալ արդէն կալուածներուս եկամուտը չկրցայ գանձել: (ծիծղելով)
(Մայրը միտքը բան մը եկածի պէս հարցուց Յակոբին)
Մայրը- Ի՞նչ եղաւ, դեղ առի՞ր:
Յակոբ- Այո
Վեհան- Դո՞ւն ալ դրամ տուիր դեղի համար:
Մայրը- Այո. 50 ղրուշ ուզեց դեղ առնելու համար, թէ շատ անհանգիստ կը զգար ինքզինք: Ես ալ տուի...
Վեհան- (Յակոբին դառնալով) Տեսա՞ր, իրաւունք չունիմ անտարբեր մնալու: Ցերեկին քեզի հետ չառի՞նք այդ դեղը, վերջն ալ գացեր եւ մօրմէդ դեղ գնելու համար դրամ ուզեր ես:
Յակոբ- Էէէ... հիմա դեղիդ ալ կը սկսիմ, քեզի ալ, կարճ կապէ այլեւս:
Մայրը- Մա ըլլալիք չունիս դուն արդէն: Երկուքդ ալ մէյմէկ տեսակ:
Մայրը- (Յակոբին դառնալով) Այսքան ատեն իբրեւ թէ աշխատեցար, ո՞ւր է վաստակդ, մինակ հագուստ մը առիր ինքզինքիդ համար այդքան:
Յակոբ- Ո՞վ ըսաւ ատիկա: Հագուստը մէկ, շապիկը երկու, կօշիկը երեք, փողկապը չորս, յետոյ ամենէն կարեւորը ռատիօն հինգ...
Վեհան- Ռատիոյին քառորդին կէսը:
Յակոբ- Ինչ որ է, ռատիօն ռատիօ է: Տե՛ս, ի՜նչ աղուոր կը նուագէ...
Մայրը- Բայց մասնավճարը՞...
Յակոբ- Ձգէ սա մասնավճարը: Նայէ՛ հիմա միտքս եկաւ. Գործէ ելած ատենս ալ 50 ոսկի ունէի մօրս քով պահուած:
Մայրը- Առանց ամչնալու մէկ մըն ալ կ'ըսես: Դեռ չորս օր առաջ այդ դրամը առիր ինծմէ, իբրեւ թւ երկու ամսուան մասնավճարը պիտի վճարէիր եւ բոլորն ալ կերար, հիմա ալ ելեր, ասկէ անկէ 25 ոսկի կը մուրաս: Ըսէ՛ տեսնեմ, երկու օրուան մէջ ինչպէ՞ս կերար այդ 50 ոսկին:
Վեհան- Սամ Ամճային պարկեցուց: Վաղն առաւօտ գնա՛ Սամ Ամճային եւ 25 ոսկի փոխ ուզէ:
Յակոբ- Պարապ խօսքերը ձգէ հիմա... Ինչ ընեմ բոլոր յանցանքը լիքէօրին քովն է: 10 ղրուշի շիշ մը լիքէօր շահեցայ, անկէ վերջ ալ երեք օրուան մէջ 50 ոսկիս կերաւ:
(Պահ մը լռութիւն կ'ըլլայ)
Յակոբ- Չեմ հասկնար թէ ինչու համար միայն ինծի գլուխ կը բռնէ՞ք: Քիչ մըն ալ սա աղջկան հետ զբաղեցէք: Բոլոր դրամները պիտի ամուսնանայ ըսելով վատնեց, հիմա ալ օժիտիս համար բուրդ պիտի առնեմ « բաց ունիմ, բաց ունիմ » կ'ըսէ:
Մայրը- Անոր ով աղէկ ըսաւ ո՞ր: Եղբայրդ չէ՞. Բնական է որ քեզի պիտի նմանի:
Վեհան- Ապերախտութիւն չ'ուզեր, նշանածէս բաժնուելէ վերջ օժիտիս մէջիններէն շատ մը բաներ ծախեցի եւ չորս տուփ աղի ձուկ առի, մինչեւ հիմա կ'ուտէք դեռ:
Մայրը- (ծաղրանքով)Ա՜խ, այո, այո, ներողութիւն աղջիկս, մոռցայ 25 ոսկի ալ ածուխ առնելու համար տուած էիր:
Յակոբ- Երանի թէ տուած չըլլար, ինչ աղուոր ան 25 ոսկին մասնավճարի համար կու տայինք:
Վեհան-Ես ելք մը գտայ: Ձայնասփիւռը կ'առնես, կը տանիս առած տեղդ եւ կ'ըսես թէ ասկէ վերջ պիտի չկրնաս վճարել մասնավճարները, հետեւաբար ետ կը վերադարձնես զայն:
Յակոբ- Հապա մինչեւ հիմա վճարած 75 ոսկիս ի՞նչ պիտի ըլլայ, պիտի այրի՞:
Վեհան- Անշուշտ երեք ամսուան վարձք:
Յակոբ- Ատիկա անկարելի է:
Մայրը- Բաթրոնիդ գնա՛, անկէ ուզէ այս ամսուան մասնավճարը, թերեւս կու տայ:
Յակոբ- Ի՞նչ կ'ըսես Աստուծոյ սիրոյն: Կարծես ստիպուած է:
(Վեհանին կը դառնայ)
Յակոբ- Այս գործը նորէն դուն պիտի ընես: Հօրմէդ 25 ոսկի ուզէ, ինծի ուզելու պիտի գան ըսէ, օժիտիս համար բաներ մը պէտք է առնեմ ըսէ, ըսէ իշտէ բաներ մը:
Վեհան- (ծաղրանքով) սքանչելի գաղափար: Ան ալ արդէն շուտ մը կը հանէ կու տայ. Վստահ եղիր:
Յակոբ- (հազաց, դեղը առաւ, կլլեց) Նորէն քեզի նայինք մամա: Սանկ ասդին անդին սնտուկի եզերքը մնացած, անկիւն մը դժուար օրերու համար պահուած դրամ մը չունի՞ս:
Մայրը- Խենթ ես դուն: Դեռ անցեալ օր պարպեցի պայուսակս, երբ քեզի բժիշկին տարի: Մարդը փրօֆէսէօր է եղեր, իբր այցեգին 10 ոսկին չհաւնեցաւ, 5 ոսկի եւս ուզեց, քու աչքիդ առջեւ տուի վերջին 5 ոսկինոցս:
Յակոբ- Այն ատեն մէկէ մը պարտք առ:
Մայրը- Պարտք ուզել դիւրին է տղաս. Փառք Աստուծոյ, այդքան վարկ ունինք, որմէ ալ ուզեմ 25 ոսկին կու տայ ինծի, բայց վերջը խորհէ. Ի՞նչպէս պիտի վճարես:
Յակոբ- Աստուած մեծ է մամա: Անգործ ըլլալուս մի՛ նայիր, կ'աշխատիմ, կը վարեմ պարտքս:
Մայրը- Իրաւ որ բնաւ հաւատք չունիմ, բայց ինչ ընենք, գոնէ այս ամսուան համար բան մը ճարելու պիտի նայիմ:
Յակոբ- (Կը փաթթուի) Իմ անուշիկ մայրս:
Մայրը- Վեհան, Յակոբ ես կը պառկիմ այլեւս, գիշեր բարի:
Յակոբ եւ Վեհան- Լոյս բարի մամա:
(Երկու օր վերջ)
(Ձայնասփիւռին քով, Վեհանին սենեակը եկան ո զայն բուրդ հիւսելով զբաղած էր)
Յակոբ- Մամա, ճիշդ ըսէ, ո՞ւրկէ գտար այդ 25 ոսկին:
Մայրը- Ո՞ւրկէ պիտի գտնեմ, դերձակին աղջիկէն փոխ ուզեցի:
Յակոբ- Իրաւ որ բնաւ չեմ հաւատար:
Մայրը- Ինչո՞ւ:
Յակոբ- Որովհետեւ մամա դրամը նաֆթալին կը հոտէր... քու պայուսակիդ հոտը...:

Hiç yorum yok:

Yorum Gönder